2017-09-11 11:55:00

Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցիէն ուխտագնացութիւն` նուիրուած Աստուածամօր Ծննդեան տօնին


Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Աստուածամօր ծննդեան տօնը հաստատուն կերպով կը նշէ Սեպտեմբեր 8-ին: Այս տարի, Սբ. Աստուածամօր ծննդեան տօնը Վիրահայոց թեմին մէջ նշուեցաւ ուխտագնացութեամբ: Սեպտեմբեր 8-ի առաւօտեան, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի օրհնաբեր առաջնորդութեամբ, Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցիէն հաւատացեալներու խումբը ուխտի մեկնեցաւ Թեթրիծղարոյի շրջանի Փոքր Դաղեթ գիւղի Սուրբ Աստուածածնի անունը կրող եկեղեցին: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Ուխտի ճանապարհին թիֆլիսահայ հաւատացեալները, Թեմակալ առաջնորդի ու հոգեւոր հայրերու գլխաւորութեամբ, աղօթք ըրին եւ մոմեր վառեցին այլ եկեղեցւոյ մը մէջ` Շամշուլտայի 19-րդ դարու Սուրբ Փրկիչ հայոց հինաւուրց տաճարին մէջ:

Փոքր Դաղեթի Սուրբ Աստուածածինի եկեղեցւոյ մէջ ուխտաւորները մասնակցեցան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցեց Պոլնիսի եւ Թեթրիծղարոյի հայկական համայնքներու հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Յուսիկ քահանայ Յարութիւնեանը:

Սուրբ Պատարագը ներդաշնակուեցաւ Թիֆլիսի Սուրբ Էջմիածին եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներուն կողմէ շարականներու երգեցողութեամբ: Յընթացս Սուրբ Պատարագի՝ Վազգէն Սրբազանը քարոզ խօսեցաւ օրուան խորհուրդին` Աննայէն եւ Յովակիմէն Սուրբ Մարիամի ծնունդին մասին, մեկնաբանեց Աստուածամօր հաւատին նուիրուածութիւնը, որ տառապեցաւ իր Որդիին համար, սակայն երբեք չերկնչեցաւ ու չընդդիմացաւ Աստուծոյ` քաջ գիտակցելով Բարձրեալէն իրեն վստահուած առաքելութեան կարեւորութիւնը: Թեմակալ առաջնորդը յորդորեց ներկաները Մարիամ Աստուածածինի առաքինութեամբ, հաւատաւոր մօր լոյսով ներշնչուած շարունակելու ապրիլ քրիստոնէական պատուիրաններով, Եկեղեցւոյ պատգամներով: Սրբազանը նշեց, որ Աստուածամօր ծննդեան տօնը իրեն համար առանձնակի նշանակութիւն ունի, քանի որ 1991 թուականին կուսակրօն հոգեւորական ձեռնադրուելէն եւ 40-օրեայ պատրաստութեան շրջան անցնելէն ետք, այս օրը` Սեպտեմբեր 8-ին, իր անդրանիկ Պատարագը մատուցած է Մայր տաճար Սուրբ Էջմիածինի մէջ:

Հաւատացեալները հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին օրուան քարոզը եւ ստացան հաղորդութիւն: Դաղեթը, Դաղեթ-խաչենը, հայաբնակ գիւղ է Վրաստանի Թեթրիծղարոյի շրջանին մէջ: Գիւղը հիմնադրած են Ղարաբաղի Խաչէն գաւառէն եկած հայերը: Գիւղը ունեցած է 18-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Աստուածածին անունով եկեղեցին, որ տասնամեակներ շարունակ փակուած էր եւ կը գտնուէր վթարային վիճակի մէջ: Ծնունդով Դաղեթէն, ռուսաստանաբնակ Արսէն Աղամիրեանի, Սէյրան Փէրիխանեանի, Արտիոմ Առուշանեանի եւ Լեւոն Կարախանեանի բարերարութեամբ վերանորոգուեցաւ Աստուծոյ տունը եւ 2013 թուականին հանդիսաւորապէս վերաօծուեցաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդին ձեռամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.